2014-05-09 11:25:06

Վատիկանը կը դատապարտէ պարմանուհիներու արեւանգումը Պoքօ Հարամ` ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ եւ կոչ կ'ուղղէ անոնց ազատագրումին։


Վատիկանը, 8 մայիս 2014, կոչ ուղղած է Նիճերիացի շուրջ 200 պարմանուհիներու ազատագրումին ի խնդիր, որոնք վերջերս արուեանգուած են Պագօ Հարամ` ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ։
Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնը` յիսուսեան հայր Լոմպարտին, միանալով միջազգային բազմաթիւ բողոքի ձայնին, խստիւ դատապարտած է այս վատ արարքը, մատնանշելով վերոյիշեալ խումբին յատկանշող ահռելի բռնութիւններուն։
Հայր Լոմպարտին ըսած է թէ այդ բռնութիւնները վիշտ ու գութ կ'արծարծեն հանդէպ զոհերուն։ Մենք կ'աղօթենք որպէսզի Նիճերիան ի վիճակի ըլլայ վերջ դնելու ընդհարումին ու նողկալի ահաբեկչութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.